2026 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Ատրպէյճանը 23,45 միլիոն տոլարի ապրանք արտահանած է Հայաստան։
Այս մասին կը հաղորդէ Ատրպէյճանի պետական մաքսային կոմիտէն։
Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն՝ 9 ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն Ատրպէյճան անուղղակի ներմուծման ծաւալը կազմած է ընդամէնը 96 հազար 500 տոլար, որմէ 95 հազար 500 տոլարը Սեպտեմբերին։
Յունուար-Սեպտեմբեր ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կազմած է 37 հազար 211 միլիոն տոլար, ինչ որ 5,2%-ով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը։
Արտահանման ծաւալը կազմած է 23 հազար 865 միլիոն տոլար, իսկ ներմուծման ծաւալը՝ 13 հազար 346 միլիոն տոլար։ Մէկ տարուան ընթացքին երկրէն արտահանումը աճած է 28,3%-ով, մինչ ներմուծումը նուազած է 20,4%-ով։