ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի Առաջին յանձնախումբի միջուկային զէնքերու վերաբերեալ քննարկումին ժամանակ, Հայաստանի պատուիրակութիւնը վերահաստատած է, որ ՀՀ-ն կը զօրակցի Միջուկային զէնքի չտարածման մասին դաշնագրին: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը։
«Ընդգծուած է Միջուկային փորձարկումներու համապարփակ արգիլման դաշնագրի՝ օր առաջ ուժի մէջ մտնելու կարեւորութիւնը։ Պատուիրակութիւնը նաեւ նշած է, որ Հայաստան յանձնառու է միջուկային ուժանիւթի խաղաղ օգտագործումին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Շեշտուած է, որ Հայաստան յանձնառու է նաեւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ սերտ համագործակցութեան, այդ շարքին՝ Հայաստանի աթոմակայանի շահագործման ժամկէտի երկարաձգման եւ նոր աթոմակայանի անցումը ապահով ու պատասխանատու իրականացնելու գործին մէջ: