«Քարերու Սիմֆոնիա» Բնական Յուշարձանին Նուիրուած Արծաթէ Յուշադրամ

հեղինակ՝
19 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը կը յայտնէ, որ 20 Հոկտեմբեր 2026-ին շրջանառութեան մէջ կը դնէ «Քարերու սիմֆոնիա» բնական յուշարձանին նուիրուած արծաթէ յուշադրամը։

«Քարերու սիմֆոնիան» Հայաստանի բնութեան եզակի յուշարձաններէն է, որ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր համաչափ պազալթէ սիւներով՝ յիշեցնելով երգեհոնի փողեր։ Յուշարձանը ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու ցանկին մէջ։

Դիմերես՝ ՀՀ զինանշանը եւ «Գեղարդի առիւծ» կոթող-ուղենիշը դէպի Գառնի (քանդակագործ՝ Ա. Յարութիւնեան, ճարտարապետ՝ Ռ. Իսրայէլեան, 1958 թ.)։

Դարձերես՝ «Քարերու սիմֆոնիա» բնական յուշարձանի պատկերը։

Արհեստագիտական չափանիշները

Անուանական արժէքը — 3000 դրամ

Մետաղը/յարգը – արծաթ 9990

Ծանրութիւնը – 93,3 կր

Տրամագիծը – 45,0 մմ

Որակը – փրուֆ

Դրամաշուրթը — ատամնաւոր

Թողարկման քանակը — 500 հատ

Թողարկման տարեթիւը — 2026

Յուշադրամը հատուած է Գերմանիոյ «B.H. Mayer Mint» դրամահատարանին մէջ։ 

Յուշադրամները թանկարժէք մետաղներէ պատրաստուած դրամներ են, որոնք կը թողարկուին երկրին ազգային, միջազգային, պատմամշակութային, հոգեւոր եւ այլ արժէքները հասարակութեան ներկայացնելու, զանոնք մետաղի տեսքով յաւերժացնելու, ինչպէս նաեւ դրամագիտական շուկայի պահանջարկը բաւարարելու նպատակով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss