ԵԱՏՄ Երկիրները Կրնան Հայաստանի Անդամակցութիւնը Կասեցնելու Մասին Որոշում Ընդունիլ

հեղինակ՝
20 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

ԵԱՏՄ անդամ երկիրները, միջազգային իրաւունքին համապատասխան, կրնան որոշում կայացնել ժամանակաւորապէս կասեցնելու Հայաստանի մասնակցութիւնը Միութեան՝ նկատի ունենալով Երեւանի գործողութիւններէն բխող վտանգները։

Այս մասին ըսուած է ԵԱՏՄ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի միջկառավարական խորհուրդի անդամներու համատեղ զեկոյցին մէջ՝ Հայաստանի նկատմամբ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագիրի գործողութեան կասեցման հաւանական հետեւանքներուն վերաբերեալ։

«Ըստ կանխատեսումային գնահատականներու՝ ԵԱՏՄ-ին մասնակցութեան կասեցումը պիտի յանգեցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական ցուցանիշերու վատթարացման։ Հայաստանի համախառն ապրանքաշրջանառութիւնը ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու հետ պիտի նուազի աւելի քան 55%-ով. Հայաստանէն ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններ ապրանքներու արտահանումը պիտի կրճատուի աւելի քան 65%-ով, իսկ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններէն ապրանքներու ներմուծումը՝ գրեթէ կէսով։

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կազի ներկրումը արժէքային արտայայտութեամբ պիտի աճի 268,5 միլիոն տոլարով կամ 69%-ով՝ 389-էն հասնելով 657,5 միլիոն տոլարի»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։

Պարզաբանուած է, որ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններէն հանրապետութեան կողմէ կազի ներկրման գնահատումը կը բխի հազար խորանարդ մեթրի դիմաց 300 տոլար գինէ՝ մատակարարումներու ֆիզիքական ծաւալի պահպանման պարագային։

«Հազար խորանարդ մեթրի դիմաց 177,5 տոլար գործող հիմնական գինին համեմատութեամբ գինի աճը պիտի կազմէ շուրջ 69%»,- աւելցուած է զեկոյցին մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss