Ռուսիան բազմիցս ընդգծած է, որ չի պատրաստուիր յարձակելու արեւմտեան երկիրներու վրայ եւ անով զբաղուելու շահագրգռուածութիւն չունի: Սակայն եթէ Եւրոպան, որ պարբերաբար կը խօսի Ռուսիոյ դէմ պատերազմի նախապատրաստուելու մասին, Ռուսիոյ վրայ յարձակի, ատիկա արդէն բոլորովին այլ պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ անիկա շատ կարճ պիտի ըլլայ: Այս մասին ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով` Երիտասարդութեան միջազգային փառատօնին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Նախարարը նշած է, որ ճակատումը Ռուսիոյ գործելաոճը չէ, ինչի մասին բազմիցս ըսուած է Ռուսիոյ ղեկավարութեան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
«Արեւմուտքը շատոնց ընտրութիւն կատարած է յօգուտ Ռուսիոյ զսպման, մենք ատոր մասին մէկ անգամ չէ, որ խօսած ենք: Եւ հիմա կը լսենք արդէն Եւրոպական միութեան ղեկավարութեան յայտարարութիւնները մեր երկրին դէմ պատերազմի նախապատրաստուելու անհրաժեշտութեան մասին, անոնց մօտ ատիկա ներկայիս եւրոպական վերնախաւերու եւ Պրիւքսէլի մէջ հանգրուանած ղեկավարութեան խօսքերուն մէջ ամէնէն տարածուած նիւթն է: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ պատրաստ չենք Եւրոպայի վրայ յարձակելու, մենք չունինք անով զբաղելու որեւէ շահագրգռուածութիւն: Սակայն եթէ Եւրոպան, որ ամէն օր կը խօսի Ռուսիոյ դէմ պատերազմի նախապատրաստուելու մասին, յարձակի Ռուսիոյ վրայ, ապա ատիկա արդէն բոլորովին այլ պատերազմ պիտի ըլլայ, եւ շատ կարճ պիտի ըլլայ», ըսած է Լաւրով: