Երեւանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ «Եուվենթուս»-ի հայաստանեան ակադեմիայի մասնաճիւղերէն մէկը

հեղինակ՝
30 Սեպտեմբերի 2026
8 ր. ընթերցում

Երեւանի Աւան վարչական շրջանին մէջ բացուեցաւ իտալական «Եուվենթուս» ֆութպոլային ակումբի ակադեմիայի մասնաճիւղը։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը, ՀՀ կրթության, գիտութեան, մշակույթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Հայաստանի Ֆուտբոլի Ֆետորասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբեկեանը, ՈՒԵՖԱ-ի գլխաւոր քարտուղար Թէոտոր Թէոտորիտիսը, «Եուվենթուս» ֆութպոլային ակումբի գլխաւոր առեւտրային տնօրէն Փիթըր Սիլվերսթընը, ակումբի առասպելային աստղ, Իտալիոյ ախոյեան Ֆապրիցիօ Ռաւանելլին։

Բացման արարողութիւնը մեկնարկեց ակադեմիայի Աւանի մարզահամալիրէն ներս։ Ակադեմիայի հիմնադիր Ալֆրետ Սատոյեանը Երեւանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիսաւոր կերպով կտրեց կարմիր ժապաւէնը։ Հիւրերը շրջեցան մարզահամալիրէն ներս, ծանօթացան կատարուած աշխատանքներուն, ենթակառուցուածքներուն եւ հետեւեցան երեխաներու մարզումներուն։ Աւանի մարզահամալիրը կը ներառէ մարզիչներու եւ անոր կարիքը ունեցող երեխաներու համար նախատեսուած կեցարան, մարզասրահ, բժշկական հետազօտութիւններու եւ վերականգնողական գօտիներ, նորագոյն ճարտարագիտութիւններով յագեցած վերլուծութեան սենեակ, խանութ-սրահ եւ այլ ենթակառուցուածքներ։ Շէնքը կառուցուած է ժամանակակից «կանաչ շէնքերու» չափանիշերուն համապատասխան։

Ապա հիւրերը այցելեցին Կոտայքի մարզի Նոր Հաճըն համայնք, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ ակադեմիայի երրորդ մասնաճիւղի եւ մարզական թաղամասի շինարարական աշխատանքներու մեկնարկը:

29 Մայիս 2025-ին Երեւանի մէջ մեկնարկեց նախագիծի եւ լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներու իրականացումը։ Արդէն կատարուած է շուրջ 20 միլիոն տոլարի ներդրում եւ այսօր կը գործեն երկու ժամանակակից մարզահամալիրներ՝ Երեւանի Աւան եւ Կեդրոն վարչական շրջաններուն մէջ։

Մարզահամալիրներուն մէջ կառուցուած են բնական եւ արուեստական խոտածածկով բարձրորակ խաղադաշտեր, օրկանական նիւթերով լեցուած արուեստական խոտածածկով դաշտեր՝ փոքր տարիքի երեխաներու համար, ինչպէս նաեւ փակ խաղադաշտ։

Աւելի ուշ պիտի կայանայ նաեւ «Եուվենթուս»-ի ակադեմիայի երկրորդ մասնաճիւղի բացումը։

«Կեդրոն» մասնաճիւղի բազմագործօն Freedom Arena-ն կը համապատասխանէ ՈՒԵՖԱ-ի 2-րդ կարգի չափանիշերուն, ուր բացի ֆութպոլային հանդիպումներէն, հնարաւոր պիտի ըլլայ կայացնել մարզական եւ այլ միջոցառումներ։ Մարզադաշտը պիտի ունենայ շուրջ 2000 նստատեղ։ Մարզական համալիրի տարածքին մէջ պիտի գործէ նաեւ Հայաստանի մէջ առաջին մասնագիտացուած մարզական-բժշկական դարմանատունը եւ վերականգնողական կեդրոնը՝ Medicina Dello Sport։ Բոլոր մարզահամալիրները համալրուած են նաեւ գիշերային լուսաւորութեան ժամանակակից համակարգերով։

ԱնցնիլՎեր