Հայաստանը 139 Երկիրներու Շարքին 59-րդն Է. Համաշխարհային Նորարարության Ցուցակ 2026

հեղինակ՝
30 Սեպտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (WIPO) կողմէ 29 Սեպտեմբեր 2026-ին հրապարակուած «Համաշխարհային Նորարարութեան ցուցակ 2026» զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանը 139 երկիրներու շարքին գրաւած է 59-րդ տեղը՝ պահպանելով նախորդ տարուան դիրքը։ Այս մասին տեղեկացուցած նեն ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութենէն։

2026-ին Հայաստանը «Նորարարութեան ներդրում» ցուցանիշով գրաւած է 77-րդ, իսկ «Նորարարութեան վերջնարդիւնք» ցուցանիշով՝ 52-րդ տեղը. այս դիրքերը աւելի բարձր են, քան արձանագրուած էին 2025-ին։

Բացի ատկէ, Հայաստանը միջինէն բարձր եկամուտ ունեցող 35 երկիրներու շարքին գրաւած է 10-րդ տեղը եւ 9-րդ տեղը՝ Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Արեւմտեան Ասիոյ 18 տնտեսութիւններու շարքին։

2025-ի համեմատութեամբ Հայաստանը բարելաւած է իր դիրքերը «Ստեղծարար արդիւնք», «Գիտելիքի եւ արհեստագիտական արդիւնք», «Ենթակառուցուածքներ» եւ «Շուկայի զարգացուածութիւն» դասակարգերուն մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss