Հայաստանը Յաղթեց «Մանկական Եւրոտեսիլ 2026» Երգի Մրցոյթին

հեղինակ՝
25 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Մանկական Եւրոտեսիլ 2026» երգի միջազգային մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ 24 Հոկտեմբերին՝ Մալթայի մէջ, յաղթեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարէն՝ «BOO!» երգով։

Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սպանիան, երրորդը՝ Ֆրանսան։

Հայաստանը 12-ական միաւոր ստացաւ Կիպրոսէն, Ալպանիայէն, 10-ական միաւոր՝ Հոլանտայէն, Սան Մարինոյէն, 3 միաւոր՝ Փորթուկալէն, 8-ական միաւոր՝ Ֆրանսայէն, Մալթայէն, Ուքրանիայէն, 6-ական միաւոր՝ Լեհաստանէն, Իտալիայէն, Սպանիայէն, 7 միաւոր՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայէն, 2 միաւոր՝ Իրլանտայէն, 5 միաւոր՝ Վրաստանէն։

Նարէն դատական կազմի քուէարկութեամբ շահեցաւ 103 միաւոր։

Հեռուստադիտողներու քուէարկութեամբ Հայաստանը ստացաւ 99 միաւոր։

Հեռուստադիտողի եւ դատական կազմի քուէարկութեամբ Հայաստանի մասնակիցը ստացաւ 202 միաւոր։

Մեր երկիրը իր 12 միաւորը տուաւ Կիպրոսի մասնակիցին։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss