Փաշինեան շնորհաւորած է Չինաստանի կազմաւորման 77-րդ տարեդարձը

հեղինակ՝
1 Հոկտեմբերի 2026
7 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ճինփինկին եւ Պետական խորհուրդի նախագահ Լի Ցեանին՝ Չինաստանի կազմաւորման 77-րդ տարեդարձին առիթով:

Նախագահին ուղղուած ուղերձին մէջ ըսուած է. «Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ եւ լաւագոյն մաղթանքներ կը յղեմ Ձեզի եւ բարեկամ Չինաստանի ժողովուրդին՝ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կազմաւորման 77-ամեակին առիթով։

Անցած տասնամեակներու ընթացքին Չինաստանը արձանագրած է պատմական նշանակութեան ձեռքբերումներ, որոնք կը վկայեն չին ժողովուրդի հետեւողական աշխատանքին, ստեղծարար ներուժին եւ զարգացման հեռանկարային տեսլականին մասին՝ ամրապնդելով երկրի կարեւոր դերակատարութիւնն ու հեղինակութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ։

Առանձնայատուկ գոհունակութեամբ կ՚արձանագրեմ, որ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ձեւաւորուած բարձր քաղաքական երկխօսութիւնն ու բազմոլորտ համագործակցութիւնը վերաճած են ռազմավարական գործընկերութեան, որ այսօր յաջողութեամբ կը զարգանայ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ուղղութիւններով։

Համոզուած եմ, որ համատեղ ջանքերով պիտի շարունակենք արձանագրել նոր ձեռքբերումներ՝ ի շահ մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն։

Կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ, իսկ Չինաստանի բարեկամ ժողովուրդին՝ յարատեւ բարօրութիւն եւ առաջընթաց»։

Պետական խորհուրդի նախագահին ուղղուած ուղերձին մէջ ըսուած է. «Ընդունեցէք խնդրեմ ամենաջերմ շնորհաւորանքներս ազգային տօնին՝ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կազմաւորման 77-ամեակին առիթով։

Անցած տասնամեակներու ընթացքին Չինաստանը անցած է պետականութեան ամրապնդման եւ զարգացման նշանակալի ճանապարհ եւ այսօր իր տնտեսական ներուժով, արհեստագիտական կարողութիւններով եւ միջազգային ներգրաւուածութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունի համաշխարհային զարգացման օրակարգին մէջ։

Ուրախութեամբ կը փաստեմ, որ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ խարսխուած՝ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն հասած են նոր մակարդակի՝ ձեռք բերելով ռազմավարական բովանդակութիւն:

Վստահ եմ, որ համատեղ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ պիտի շարունակենք խորացնել մեր գործընկերութիւնը՝ ի շահ մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն։

Առիթէն օգտուելով՝ կը մաղթեմ Ձեզի ամենայն յաջողութիւն, իսկ բարեկամ Չինաստանին՝ խաղաղութիւն, յարատեւ առաջընթաց եւ նորանոր ձեռքբերումներ»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss