Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Կիպրոսի Հանրապետութեան Անկախութեան Օրուան Առթիւ

հեղինակ՝
1 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտիսին՝ Անկախութեան օրուան առթիւ, որուն մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ եւ իմ անկեղծ բարեմաղթանքներս կը յղեմ Ձեզի Կիպրոսի Հանրապետութեան ազգային տօնին՝ Անկախութեան օրուան առթիւ։

Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Կիպրոսի հետ ամուր բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակեն զարգանալ փոխշահաւէտ համագործակցութեան եւ մեր ժողովուրդներու միջեւ առկայ սերտ կապերու շնորհիւ։

Կը վերահաստատեմ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ միասնական ջանքերով առաւել խորացնելու եւ ամրապնդելու մեր փոխգործակցութիւնը ինչպէս երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերուն մէջ, այնպէս ալ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան շրջանակին մէջ։

Միաժամանակ կ՚ուզեմ ընդգծել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուղղութիւններով մեր յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնելու պատրաստակամութիւնը՝ երկարաժամկէտ եւ յաւակնոտ համագործակցութեան նոր օրակարգ ձեւաւորելու նպատակով։ Վստահ եմ, որ մեր համատեղ յանձնառութեամբ պիտի իրագործենք այս նպատակը եւ աւելի պիտի ընդլայնենք երկկողմ համագործակցութիւնը՝ ի բարօրութիւն մեր երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն։

Օգտուելով առիթէն՝ կը մաղթեմ Ձեզի ամենայն յաջողութիւն, իսկ Կիպրոսի բարեկամ ժողովուրդին՝ կայուն յառաջընթաց եւ բարգաւաճում»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss