Նիկոլ Փաշինեան Ընդունեց Սպիտակ Տան Հաւատքի Հարցերու Գրասենեակի Աւագ Խորհրդական Ուայթ Քէյնը

հեղինակ՝
1 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Ուայթ Քէյնի այցը Հայաստան եւ կարեւորեց Սպիտակ տան հաւատքի հարցերով զբաղող գրասենեակին հետ ձեւաւորուած երկխօսութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց Ուայթ Քէյնի մասնակցութիւնը յառաջիկայ օրերուն կայանալիք Հայաստանի Աղօթքի նախաճաշի երկրորդ միջոցառման։

Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ այս միջոցառումը տարբեր երկիրներու մասնակիցներու միջեւ անկեղծ քննարկումներու հարթակ պիտի ստեղծէ։ Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի, հայ հոգեւոր առաջնորդներու եւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանին միջեւ վերջերս կայացած հանդիպումը, որ եւս մէկ առիթ էր՝ ընդգծելու Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ գործընկերութիւնը, ընդհանուր քրիստոնէական ժառանգութիւնն ու կիսուած արժէքները։

Ուայթ Քէյն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան եւ Հայաստանի Աղօթքի նախաճաշի միջոցառման հրաւիրուելու համար։ Քէյն նշեց, որ շահագրգիռ են սերտօրէն համագործակցելու ինչպէս ՀՀ Կառավարութեան, այնպէս ալ ԱՄՆ-ի հայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Աղօթքի նախաճաշի երկրորդ միջոցառման, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss