ՀՀ Դատախազութիւնը տեղեկացուցած է, որ 1 Հոկտեմբեր 2026-ին Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքի Շաքի բնակավայրին մէջ արձանագրուած դէպքով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ.
«Քրէական օրէնսգիրքի 166-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 6-րդ կէտով (զէնքի գործադրմամբ առողջութեան ծանր վնաս հասցնելը), 335-րդ յօդուածի 1-ին մասով (հրազէնի ապօրինի շրջանառութիւնը) եւ 207-րդ յօդուածի 1-ին մասով (բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելը): Նոյն դէպքով նախաձեռնուած է եւս մէկ քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 469-րդ յօդուածի 1-ին մասով (պետական սահմանը ապօրինի հատելը) եւ 340-րդ յօդուածի 1-ին մասով (հրազէնի մաքսանենգութիւն): Նախաձեռնուած այս վարոյթը միացուած է մայր վարոյթին»,-ըսին Դատախազութենէն:
Յիշեցնենք՝ 29 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանի զօրամասերէն մէկուն զինուորը անյայտ հանգամանքներու մէջ լքած էր ծառայութեան վայրը։