Ատրպէյճանը կոչ կ’ընէ Հայաստանի կառավարութեան աշխուժօրէն աշխատելու` հասարակութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ։
Պաքուի մէջ կայացող CAMCA 2026 տարածաշրջանային համագումարի ընթացքին այս մսսին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ։
Անոր խօսքով՝ պաշտօնական Պաքուին կը մտահոգեն «Հայաստանի հասարակութեան շրջանակին մէջ նկատուող որոշ միտումներ, մասնաւորապէս՝ զգալի ազդեցութիւն ունեցող ուժերու առկայութիւնը»։
Հաճիեւ նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը ռազմավարական վճռականութիւն ունի շարունակելու խաղաղութեան օրակարգը, զայն գործնականօրէն ամրապնդելու եւ խաղաղութեան այնպիսի ճարտարապետութիւն ձեւաւորելու, որ պիտի ապահովէ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն համար։
«Այդ պատճառով մենք միշտ կ՚ըսենք, որ կ՚ուզենք այս խաղաղութիւնը կնքել ոչ միայն Հայաստանի կառավարութեան եւ երկրի վարչապետին հետ, այլեւ հայ ժողովուրդին հետ։ Այդ իսկ պատճառով մենք կը շարունակենք ակնկալել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն։ Անշուշտ, ասիկա ներքին հարց է, եւ մենք լիովին ձեռնպահ կը մնանք այդ գործընթացին միջամտելէ», — աւելցուցած է ան։