Ուքրանիան զինադադարի վերաբերեալ չորս առաջարկ ստացած է Հնդկաստանէն, Թուրքիայէն, Եգիպտոսէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարար Անտրէյ Սիպիհա:
«Կայ չորս առաջարկ։ Ամենաընդգրկուն առաջարկը Հնդկաստանէն է։ Հնդկաստանը առաջարկած է դերակատարութիւն ունենալ։ Մենք հնչեցուցած ենք մեր տեսլականը՝ հիմնուած մեր տրամաբանութեան եւ մեր ընկալումին վրայ, թէ ինչպէս այդ բոլորը պէտք է տեղի ունենայ։ Մենք պատրաստ ենք ուժանիւթային զինադադարի եւ Սեւ ծովուն մէջ զիադադարի, բայց միայն այդ համադրութեամբ», — ըսած է Սիպիհա։
«Ինչ կը վերաբերի ուժանիւթին, ապա ան լիարժէք ուժանիւթային զինադադար պէտք է ըլլայ, հարուածներու դադրեցում բոլոր ուժանիւթային կառոյցներուն, այդ կարգին՝ նաւահանգստային ենթակառուցուածքին», — աւելցուցած է ան։
Սիպիհա նաեւ նշած է, որ կայ եւս երկու առաջարկ՝ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի կողմէ, որոնք բովանդակութեամբ նման են։ Անոնք կը վերաբերին հացահատիկին՝ Սեւ ծովուն մէջ պարէնային զինադադարին։ Չորրորդ առաջարկը՝ ԱՄՆ-ի կողմէ, ուժանիւթային զինադադարն է, ան քննարկուած է նախագահներ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Տոնալտ Թրամփի հանդիպումին ընթացքին։