Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի BBC-ին տուած հարցազրոյցի մէջ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ չափազանց բարդ ձմեռ կը սպասուի։ Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանը հարուածներ կը հասցնէ ոչ միայն ուժանիւթային, այլ նաեւ ջուրի մաքրման ու կոյուղիի ենթակառուցուածքներուն։
Զելենսքի նշած է, որ Ռուսաստանի ծրագրերէն է Տնեփրի երկու ափերը իրարմէ մեկուսացնելը, ինչ որ կրնայ դժուարացնել բնակիչներուն՝ անհրաժեշտ ծառայութիւններէն օգտուելու կարելիութիւնը։
Ուքրանիոյ նախագահը նշած է, որ քաղաքացիները իրաւունք ունին հեռանալու քաղաքներէն, եթէ զայն անհրաժեշտ կը նկատեն իրենց կեանքը փրկելու համար, սակայն Քիեւը պիտի պաշտպանեն բոլոր միջոցներով։
«Անոնք կ՚ուզեն, որ մենք փախչինք։ Անոր կը ձգտին՝ աւերել բոլոր քաղաքները։ Բայց մենք մեր մայրաքաղաքը պիտի պաշտպանենք բոլոր միջոցներով։ Մեզի պէտք է մեր մայրաքաղաքը։ Առանց մայրաքաղաքի երկիր պիտի չըլլայ»,- յայտնած է Զելենսքի։