Մենք բազմիցս հաստատած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը՝ շարունակելու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ՝ ուղղուած տնտեսական կայունութեան ամրապնդման եւ մեծ տարածաշրջանի կայուն զարգացման ապահովման։
ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական նիստին իր ելոյթին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Ան նշած է, որ Հայաստանը հետեւողականօրէն յառաջ կը մղէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ առեւտրային փոխադրութեան փոխկապակցուածութեան օրակարգը։
«Ինչպէս բազմիցս նշուած է, հայկական «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը ուղղուած է փոխադրական, ուժանիւթային եւ թուային փոխկապակցուածութեան զարգացման միջոցով նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման։
«Խաղաղութեան խաչմերուկի» առանցքային բաղադրիչներէն մէկը TRIPP-ն է՝ «Թրամփի երթուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»։
TRIPP նախագիծը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկաթուղային հաղորդակցութիւն պիտի ստեղծէ։ Միեւնոյն ժամանակ, նախագիծը հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին համարկուելու միջազգային երկաթուղային ցանցին եւ պիտի ստեղծէ Պարսից ծոցի ու Սեւ ծովու միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան ձեւաւորման հնարաւորութիւն։
Սա փոխադրական կապերու ոլորտին մէջ դարակազմիկ իրադարձութիւն պիտի ըլլայ՝ փոփոխութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Իրանի համար»,- նշած է