Դատարանը բաւարարած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Նասիմի Ռահիմ Օղլի Մուսաեւի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը:
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ վերջինս 2 ամիսով կալանաւորուած էՅ
Հիշեցնենք, որ 2026 թուականի Հոկտեմբեր 1-ին, ժամը 14:00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի քաղաքացի, զինուոր Նասիմի Մուսաեւը, ապօրինի մուտք գործած էր Սիւնիքի մարզի Սիսիան համայնքի Շաքի բնակավայր: Յայտնաբերուելէ յետոյ զէնքէն արձակած էր կրակոցներ:
Կրակոցի հետեւանքով բնակիչներէն մէկը վիրաւորուած էր: Անկէ յետոյ ատրպէյճանցին դիմած էր փախուստի:
Նասիմի Մուսաեւը ապա յայտնաբերուածնեւ ձերբակալուած էր։ Այսօր զայն կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած էր։