Հայաստան Ներկայացուց COP17-ին Նուիրուած Յուշադրամ

հեղինակ՝
2 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

COP17-ին ընդառաջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը եւ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը կը ներկայացնեն COP17-ին նուիրուած արծաթեայ յուշադրամը։

Ասիկա Կեդրոնական դրամատան առաջին յուշադրամն է՝ պատրաստուած վերամշակուած արծաթէ։ Արտադրութեան ընթացքին չեն օգտագործուած կազ կամ այլ հանածոյ վառելիքներ․ հատումը իրականացուած է ամբողջութեամբ արեւային ուժանիւթի օգտագործումով, իսկ փաթեթաւորման բոլոր բաղադրիչները պատրաստուած են վերամշակուած թուղթէ։ Յուշադրամը թողարկուած է ներկայացուցչական նպատակներով։

Ան ոչ միայն կը խորհրդանշէ կենսաբազմազանութեան պահպանութիւնը, այլեւ իր ստեղծման ձեւով կ՚արտացոլէ COP17-ի ուղերձը՝ «Գործելով յանուն բնութեան»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss