Հայաստանի եւ Լիբանանի Նախագահները Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

հեղինակ՝
2 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախագահները անդրադարձած են երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակին՝ կարեւորելով փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ երկխօսութեան շարունակականութիւնը։

Շեշտուած է երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման ուղղութեամբ բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու հանգամանքը։

Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է առաջիկային Հայաստանի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան COP-17 համաժողովին կարեւորութիւնը, անդրադարձ կատարուած է համաժողովի օրակարգային հարցերուն, ընդգծուած է համաշխարհային մարտահրաւէրներուն դիմակայելու եւ զանոնք յաղթահարելու նպատակով համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss