ՀՀ Նորակառոյց Դպրոցներու Աշակերտները Պիտի Փոխադրուին Նոր Փոխադրակառքերով

հեղինակ՝
3 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ներկայացուեցան նորակառոյց դպրոցական հաստատութիւններ աշակերտներու փոխադրութեան նպատակով ձեռք բերուած դպրոցական նոր փոխադրակառքերը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի եւ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ փոխադրակառքերու պայմաններուն, ապահովութեան չափանիշերուն։

Այսպիսով՝ կրթութեան որակեալ ծառայութիւններու հասանելիութեան ապահովման ծրագիրի ծիրին մէջ նորակառոյց դպրոցական հաստատութիւններ աշակերտներու փոխադրութեան նպատակով պիտի ապահովուի ճամբաներու ենթակառուցուածքի լիարժէք պատրաստութիւնը եւ դպրոցական փոխադրակառքերու ծառայութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց երթեւեկութեան ապահովութիւնը եւ երեխաները փոխադրող վարորդներու որակաւորումը, պատշաճ արտաքին տեսքը, այդ կարգին՝ հագուստի ապահովումը։

Ծրագիրի ծիրին մէջ 5 բնակավայրերու համար յառաջիկային նշուած մեխանիզմները արդէն գործարկուած պիտի ըլլան։ Նախատեսուած է, որ Արագածոտնի մարզի Գետափ բնակավայրի երեխաները յաճախեն Արագածաւանի թիւ 1 միջնակարգ դպրոց, Գեղարքունիքի մարզի Ծափաթաղ բնակավայրի երեխաները յաճախեն Ջիլի միջնակարգ դպրոց, Տաւուշի մարզի Աճարկուտ բնակավայրի երեխաները՝ Կիրանցի դպրոց, Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր բնակավայրի երեխաները՝ Լուսաձորի դպրոց, Արարատի մարզի Տիգրանաշէն բնակավայրի երեխաները՝ Պարոյր Սեւակի կրթահամալիր:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss