Ովքե՞ր Են Առեղծուածային Մարդիկը, Որոնք Միջամտեցին Որպէսզի Փրկեն FlyDubai-ի Օդանաւը Ջախջախումէն

հեղինակ՝
5 Հոկտեմբերի 2026
10 ր. ընթերցում

Associated Press, 4 Հոկտեմբեր 2026

Ովքե՞ր են առեղծուածային օդաչուները, որոնք միջամտեցին կայունացնելու համար FlyDubai-ի թռիչքը, երբ ան դէպի աղէտ կը սլանար։

Շաբաթ օրուան դրութեամբ, երեք օր ետք այն պատահարէն, երբ համազգեստաւոր անձնակազմի անդամները օդաչուի խցիկ նետուեցան կայունացնելու համար Իսրայէլ ուղղուող 182 հոգի փոխադրող օդանաւը՝ սրտխառնուք յառաջացնող անկումէ մը ետք, անոնք տակաւին հրապարակաւ ճանչցուած չեն։ FlyDubai-ը զանոնք անուանած է միայն օդանաւով ճամբորդող պաշտօնի վրայ գտնուող անձնակազմի անդամներ։ Յստակ չէ, թէ ինչո՞ւ օդանաւային ընկերութիւնը աւելին չէ ըսած։

Օդանաւին առջեւի մասը գտնուող ուղեւորներէն մէկը, սակայն, նկարագրեց տղամարդոց գործողութիւնները Associated Press-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ տալով տակաւին չգովաբանուած հերոսներուն մասին ամէնէն մանրամասն պատմութիւններէն մէկը։

«Ասիկա հրաշքներէն մէկն է», ըսաւ Տանիէլ Շլիխթըր, որ երկրորդ շարքը նստած էր։

«Իւրաքանչիւր թռիչքի երկու յաւելեալ օդաչուներ չեն բերեր։ Այս պարագային, զանոնք բերին, որովհետեւ պէտք էր օդանաւը Թել Աւիւէն Տուպայ վերադարձնէին, եւ ասիկա միակ պատճառն է, որ անոնք հոն էին»։ Այս գործելակերպը կը կոչուի deadheading։

Երկու տղամարդիկ արձագանգեցին այն բանէն ետք, երբ ճչացող ուղեւորները յայտնաբերեցին, թէ ինչ կը կատարուէր օդաչուի խցիկին մէջ։ Անոնք ըսին, որ երկրորդ օդաչուն կրկին ու կրկին կը յարձակէր հրամանատարին վրայ, եւ արիւն էր ամէն տեղ։ Հրամանատարը, թէեւ ծանր վիրաւորուած, կրցաւ բանալ օդաչուի խցիկին դուռը։

Շլիխթըր ըսաւ,, որ երբ ուղեւոր մը բռնեց երկրորդ օդաչուն եւ դուրս քաշեց զինք, եւ ուրիշներ կռուեցան մարդուն հետ՝ զայն հնազանդեցնելու համար, ճամբորդող օդաչուներէն մէկը գրեթէ ցատկեց կուտակուած մարդոց վրայէն՝ օդաչուի խցիկ մտնելու եւ հսկողութիւնը ստանձնելու համար։

«Ան կը ցատկէր այն տղոց վրայէն, որոնք կը զսպէին ահաբեկիչը, եւ հասաւ օդաչուի տարածք եւ սկսաւ ստանձնել իրավիճակը»,- ըսաւ Շլիխթըր,- «եւ ապա միւս տղան, միւս օդաչուն, միացաւ եւ անոնք փակեցին դուռը, որովհետեւ չէին ուզեր, որ ուրիշ ոեւէ մէկը հոն ըլլայ»։

Շլիխթըր, ուրիշներու պէս, վստահ չէր, թէ երկու տղամարդիկը ուրկէ եկած էին։ Բայց ո՛վ որ ալ ըլլար առաջինը, ան շատ արագ շարժեցաւ։

«Ան իրապէս հերոսի պէս գործեց, ստանձնելով օդանաւը եւ արձագանգեց այնպէս, կարծես ճիշդ կը հասկնար, թէ ինչ կը կատարուէր, եւ կը կարծեմ, թէ մեր կեանքը անոր կը պարտինք ո՛չ պակաս, քան թռիչքին մասնակցած միւս հերոսներուն», ըսաւ Շլիխթըր։

Երբ երկուքը օդաչուի խցիկ մտան եւ դուռը փակեցին, Շլիխթըր վստահ չէր, թէ ներսը ո՛վ ինչ ըրաւ։ «Բաւական երկար վայրկեաններ» տեւեց, գուցէ 10 կամ աւելի, օդանաւը կայունացնելու համար այնքան ծայրայեղ վայրէջքէ մը ետք, որ անոր ղեկին մէկ մասը պոկուած էր։

Աղէտի կանչ կատարուեցաւ, երբ տղամարդիկ խուճապահար վայրէջքի տեղ մը կը փնտռէին։

Միջոցին, վախցած եւ զգուշաւոր ուղեւորներէն ոմանք կը մտածէին անոնց մասին եւ արդեօք կրնա՞յին վստահիլ անոնց։

«Երբ կրցան կայունացնել օդանաւը, իրականութեան մէջ մեզի հետ որեւէ հաղորդակցութիւն չունեցան, եւ պէտք է ըսեմ ձեզի, որ ասկէ մտահոգուած էի», ըսաւ Շլիխթըր։

Ան կը մտահոգուէր աւելի վատ իրավիճակէ մը, որ տղամարդիկ կրնային «օդանաւը առեւանգել գուցէ Իրան, կամ չեմ գիտեր ուր, որովհետեւ իրականութեան մէջ այնքան ալ հեռու չենք»։

Բայց մօտ 45 վայրկեան ետք, ըսաւ ան, օդաչուները յայտարարեցին, որ վայրէջք պիտի կատարէին Թապուք, Սէուտական Արաբիա, եւ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլար։

Այնժամ, Շլիխթըր ըսաւ, որ որոշեց վստահիլ անոնց։ Եւ պարզուեցաւ, որ ճիշդ էր։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss