Flydubai ընկերութեան օդանաւի երկրորդ օդաչուն, որ, 30 Սեպտեմբերին լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն համաձայն, փորձած էր առեւանգել օդանաւը, ծրագրած էր թռիլ Թել Աւիւ եւ օդանաւով բախիլ «Պէն Կուրիոն»-ի միջազգային օդակայանին, յայտնած են իսրայէլական լրատուամիջոցները։
Օդաչուն՝ Օմանի քաղաքացի Համամ ալ-Համամի, քննիչներուն պատմած է, որ մտադիր էր օդանաւի հսկողութիւնը իր ձեռքը առնել՝ սպաննելով կամ այլ կերպ վնասազերծելով հրամանատարը, ապա շարունակելով թռիչքը։
Ալ Համամի ըսած է, որ ատիկա իրեն թոյլ պիտի տար հասնիլ Թել Աւիւ՝ առանց ցամաքային անձնակազմին մօտ կասկածներ յառաջացնելու եւ սովորական ձեւով վայրէջք կատարելու թոյլտուութիւն ստանալ օդակայանէն։
Ապա ան ծրագրած էր օդանաւը ուղղել ու հարուածով իջեցնել օդակայանին մէջ, կամ եթէ ատիկա անհնար ըլլար, բախում պիտի ստեղծէր Իսրայէլի մայրաքաղաքի բարձրայարկ շէնքերէն մէկուն։
Ալ-Համամի ըսած է, որ նման բան վաղուց ծրագրած էր, եւ որ զայն իրականացնելու համար ալ աշխատանքի անցած էր այնպիսի օդանաւային ընկերութեան մը մէջ, որ թռիչքներ կը կատարէ դէպի Իսրայէլ։ Ան յայտնած է, որ քանի մը անգամ Flydubai-ով յաջողած էր թռիլ Թել Աւիւ, իսկ «Պէն Կուրիոն» օդակայանին մէջ ուշադիր զննած էր շէնքը եւ օդակայանը՝ յարձակումը աւելի մանրամասն ծրագրելու համար։
CBS-ի փոխանցումով՝ Համամ ալ-Համամի նախապէս աշխատած է Oman Air-ի մէջ, ուրկէ զինք աշխատանքէ ազատած են 2024-ին իր ծայրայեղական հայեացքներուն պատճառով։ 8 ամիս առաջ ան միացած է Flydubai-ին, եւ ընկերութեան ներքին անվտանգութեան բաժինը, ամենայն հաւանականութեամբ, մանրակրկիտ չէ ստուգած անոր անցեալը զայն աշխատանքի ընդունելէ առաջ։
Ալ-Համամի ներկայիս ձերբակալուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ։ Զինք կը հարցաքննեն ԱՄԷ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ քննիչները, որոնք տեղեկութիւններ կը փոխանակեն իրենց իսրայէլացի գործընկերներուն հետ։