Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամը յայտնեց, որ Պէյրութ կը փափաքի «նոր էջ» բանալ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ զանոնք կառուցել երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, անկախութեան ու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներու հիման վրայ։ Ան Իրանին նաեւ կոչ ըրաւ Լիբանանի մէջ նոր դեսպան նշանակելու։
Սալամ նշեց, թէ Լիբանանի առաջնահերթութիւններէն է Իսրայէլի լիակատար դուրսբերումը երկրի տարածքէն եւ իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցումը։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին զէնքը պէտք է գտնուի բացառապէս պետութեան վերահսկողութեան ներքոյ։