ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի նորանշանակ ներկայացուցիչ Ղասսան Խալիլը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երեխաներու առողջութեան եւ բարեկեցութեան, անոնց զարգացման ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու առողջապահական աջակցութեան ուղղութիւններով իրականացուող եւ նախատեսուող ծրագրերը։
«Երեխաներու առողջութեան եւ բարեկեցութեան ապահովումը մեր քաղաքականութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն է։ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ երկարամեայ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ համատեղ յառաջ մղելու այս ուղղութեամբ կարեւոր նախաձեռնութիւնները եւ ապահովելու անոնց կայուն արդիւնքը։ Վստահ եմ, որ նոր ծրագիրը ամուր հիմք պիտի ստեղծէ մեր համատեղ աշխատանքի հետագայ ընդլայնման եւ սահմանուած նպատակներու իրականացման համար»,- նշած է Անահիտ Աւանեսեան։
Կողմերը կարեւորած են համագործակցութեան շարունակականութիւնն ու համակարգուած աշխատանքը՝ ծրագիրով նախատեսուած առաջնահերթութիւնները գործնական արդիւնքներու վերածելու եւ իւրաքանչիւր երեխայի համար առողջ, անվտանգ եւ զարգացող միջավայր ապահովելու նպատակով։
Հայաստանն ու ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը մեկնարկած են համագործակցութեան նոր հնգամեայ ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ առանձնացուած են չորս հիմնական առաջնահերթութիւններ՝ երեխաներու առողջութեան եւ զարգացման խթանում, որակեալ կրթութեան հասանելիութեան ապահովում, երեխաներու պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդում, ինչպէս նաեւ երեխաներու եւ ընտանիքներու ընկերային պաշտպանութեան ու դիմակայունութեան ուժեղացում։