ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով հեռախօսազրոյց ունեցած են՝ քննարկելով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ ԱՄՆ-Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերութիւնը։
Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ զրուցակիցները անդրադարձած են 8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթաժողովէն ետք երկկողմ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացին։
Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի հաղորդմամբ՝ Պայրամով Ռուպիօին ներկայացուցած է խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման, վստահութեան ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի քայլերը։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։