Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ներկայ Գտնուած Է «Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն Առեւտրային Համաժողով 2026»-ին

հեղինակ՝
6 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցող «Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն Առեւտրային Համաժողով 2026»-ի։ Ան հանդէս եկած է ելոյթով եւ ողջունած ներկաները՝ ընդգծելով, որ համաժողովի կազմակերպումը տրամաբանական է Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման յուշագիրը այս տարուան Մայիսին ստորագրելէ ետք. «Նման գործընկերութիւն հաստատելէ ետք կառավարութիւններուն համար առաջնային հարցը, որ կը ծագի, հետեւեալն է՝ իսկ ինչպէ՞ս այդ քաղաքական կամքը, որ կ՚արտայայտուի ընդունուած փաստաթուղթերով կամ փաստաթուղթով, դարձնել իրականութիւն։ Եւ այս խնդիրը լուծելու ամենաարդիւնաւէտ ճանապարհը քաղաքական այն բովանդակութիւնը, որ կը քննարկուի կառավարութիւններու միջեւ, առօրեայ կեանքի մաս դարձնելն է։ Եւ ահա նման համաժողովները այդ նպատակին կը ծառայեն՝ կառավարութիւններու կողմէ բացուած տարածքը լեցնել իրական կեանքով»։ Անդրադառնալով տնտեսութեան, գործարարութեան՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ փորձը ցոյց կու տայ՝ կառավարական կամ այլ պաշտօնական պարտականութիւններու որոշակի շրջանակով չկաշկանդուած մարդիկ աւելի լաւ կը տեսնեն հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։ Այդ ծիրին մէջ, Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ համաժողովի քննարկումներու ընթացքին արծարծուած մտքերը պիտի թեւակոխեն զարգացման յաջորդ փուլ եւ պիտի դառնան յստակ պայմանաւորուածութիւններ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss