ՀՀ կառավարութիւնը նախորդ շաբաթ հաստատած է եւ Ազգային ժողով ուղարկած է 2027 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը։
Պիւտճէի ուղերձին մէջ նշուած է, որ անոր ընկերային-տնտեսական ուղղուածութիւնը նպատակ ունի աւելի սերտօրէն կապել տնտեսական զարգացումն ու ընկերային քաղաքականութիւնը՝ պետական ֆինանսական միջոցները ուղղելով այն ծրագրերուն, որոնք, կառավարութեան գնահատումով, կ՚ապահովեն աւելի մեծ եւ կայուն ընկերային-տնտեսական արդիւնք։
Ուղերձին մէջ առանձնացուած են շարք մը ծրագրեր, որոնց ֆինանսաւորման համար նախատեսուած են խոշոր գումարներ։
Ամենամեծ յատկացումներէն մէկը՝ 60 միլիառ դրամ, նախատեսուած է կենսաթոշակառուներուն անկանխիկ վճարումներէն յետվճար տրամադրելու համար։ Այս գումարը 2026 թուականի նախատեսուած յատկացումէն 40 միլիառ դրամով աւելի է։
54 միլիառ դրամ նախատեսուած է Ղարաբաղէն Հայաստան բռնի տեղահանուած անձերու ընկերային աջակցութեան համար, այդ կարգին՝ կեցութեան եւ բնակարանային ապահովման ծախսերու նպատակով։
Յայտարարատու ֆիզիքական անձերու կողմէ անկանխիկ եղանակով կատարուած ընկերային ծախսերու փոխհատուցման համար 2027 թուականին նախատեսուած է 22 միլիառ դրամ՝ 2026 թուականի 10 միլիառ դրամի փոխարէն։
Arca ազգային վճարահաշուային համակարգով անկանխիկ վճարումներէն յետվճարի համար նախատեսուած է 3,5 միլիառ դրամ։
«Ակադեմիական քաղաք» ծրագիրի իրականացման համար 2027 թուականին նախատեսուած է 6,8 միլիառ դրամ։ Միջոցները պիտի ուղղուին շինարարական աշխատանքներուն, միջազգային խորհրդատուական ծառայութիւններու ձեռքբերման եւ պայմանագրերու սպասարկման։
Կառավարութիւնը կը նախատեսէ նաեւ կառուցել, հիմնանորոգել կամ վերանորոգել 159 դպրոց եւ 4 մանկապարտէզ՝ զանոնք ապահովելով անհրաժեշտ գոյքով եւ սարքաւորումներով։ Ուսուցիչներու եւ շարք մը այլ մանկավարժական աշխատողներու վերաորակաւորման բերումով նախատեսուած է նաեւ անոնց աշխատավարձերու աճ։
Ճանապարհային ոլորտին մէջ նախատեսուած է հիմնանորոգել շուրջ 260 քմ ճանապարհ եւ 8 փոխադրական կառոյց, ինչպէս նաեւ միջին նորոգում իրականացնել 120 քմ ճանապարհի վրայ։
Պետական աջակցութիւնը պիտի շարունակուի բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններուն՝ նոր աշխատողներու ներգրաւման, վերապատրաստման եւ աշխատանքային գաղթականներու համար։
Պիտի շարունակուին նաեւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան ծրագրերը, այդ կարգին՝ անասնաբուծութեան, խտացուած այգեգործութեան, գիւղատնտեսական արհեստագիտութեան եւ սարքաւորումներու վարձակալման ուղղութիւններով։
Օդագնացութեան ոլորտին մէջ ֆինանսական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի այն օդային ընկերութիւններուն, որոնք նոր ուղղութիւններէ ուղեւորներ պիտի փոխադրեն «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններ։
Բնակարաններու եւ անհատական տուներու ուժանիւթաարդիւնաւէտ վերանորոգման ծրագիրով նախատեսուած է հովանաւորել արդէն ներգրաւուած վարկերու տոկոսադրոյքները 34,555 շահառուի համար։
Անյուսալի վարկային պարտաւորութիւններ ունեցող եւ աշխատաշուկայէն դուրս մնացած կամ մասնակի ձեւական զբաղուածութիւն ունեցող անձերու աջակցութեան ծրագիրի համար նախատեսուած է 1,6 միլիառ դրամ։
2027 թուականին պիտի շարունակուի նաեւ առողջապահութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգի փուլային ներդրումը. 1 Յունուար 2027-էն նախատեսուած է ապահովագրութեան ծրագիրին մէջ ընդգրկել նաեւ մինչեւ 200 հազար դրամ աշխատավարձ ստացողները։