Վարչապետ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէն, շնորհաւորած է դեսպանը պաշտօնը ստանձնելու առիթով եւ մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք։
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած ռազմավարական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ ընդլայնման կարեւորութիւնը։
Ֆլորիան Էսքիւտիէ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ նշած, որ պիտի ներդնէ բոլոր ճիգերը՝ Հայաստան-Ֆրանսա բազմաոլորտ համագործակցութեան հետեւողական ամրապնդման համար։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ կապերուն, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ծրագրերուն եւ յառաջիկայ նախագիծներուն վերաբերող հարցեր։

Մասնաւորապէս, միտքեր փոխանակուած են տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, ենթակառուցուածքներու, ջրային պաշարներու կառավարման եւ այլ ուղղութիւններով համատեղ ծրագրերու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Եւրոպական միութիւն փոխգործակցութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան այլ նիւթերու։