Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները 1 ոսկի եւ 2 պրոնզ մետալ նուաճած են Hippo «Անգլերէն առանց սահմաններու» 14-րդ միջազգային ողիմպիականին։
Ողիմպիականի եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցած է 28 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբերին, Իտալիոյ Սփոլեթօ քաղաքին մէջ, որուն մասնակցած է 70 երկրի 421 աշակերտ։ Միջազգային փուլին Հայաստանէն մասնակցելու իրաւունք ստացած էր 4 աշակերտ, որոնցմէ մասնակցած է 3-ը՝ Միլենա Մանուկեանը (7-րդ դասարան, Ա. Շահինեանի անուան ֆիզմաթ մասնագիտացուած դպրոց), Եւա Ֆարշեանը (10-րդ դասարան, Այբ դպրոց) եւ Մարի Ետիկարեանը (12-րդ դասարան, Եւրասիա աւագ դպրոց)։
Միջազգային փուլի մասնակիցներուն համար ընդունելութիւն կազմակերպուած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատանը՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանի մասնակցութեամբ։
Hippo «Անգլերէն առանց սահմաններու» միջազգային փուլին մասնակցելու հնարաւորութիւն ստանալու համար աշակերտները պէտք է յաղթահարեն քանի մը փուլ։ Մասնաւորապէս՝ բոլոր փափաքողները դպրոցին մէջ կամ առցանց ձեւաչափով կը մասնակցին նախնական փուլերուն։ Նախնական փուլին տուեալ երկրին մէջ առաւելագոյն միաւորներ ստացած աշակերտները (մասնակիցներու 20%-էն ոչ աւելին) հնարաւորութիւն կը ստանան մասնակցելու ազգային փուլին, որ կը կազմակերպուի առանձին քաղաքներու մէջ կամ առցանց ձեւաչափով։ Ազգային փուլին 50%-էն աւելի միաւորներ ստանալու պարագային մասնակիցները հնարաւորութիւն կը ստանան մասնակցելու զտումի ընտրական փուլերուն, որոնց արդիւնքով կը ձեւաւորուի միջազգային փուլի մասնակիցներու կազմը։
Միջազգային փուլի մասնակիցները, ինչպէս նաեւ այն մասնակիցները, որոնք չեն ստանար միջազգային փուլին մասնակցելու հնարաւորութիւն, սակայն ազգային փուլին անոնց միաւորները կը կազմեն 70% եւ աւելի, հնարաւորութիւն կը ստանան մասնակցելու ցամաքամասային փուլին։
Ցամաքամասային փուլը 5 տարիքային խումբերով տեղի ունեցած է այս տարուան 18-21 Մայիսին, Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ, որուն մասնակցած է 45 երկրի աւելի քան 1200 աշակերտ։ Հայաստանի 16 կրթօճախի 38 աշակերտ մասնակցած է կազմակերպուած ցամաքամասային փուլին եւ արժանացած 1 ոսկի (Մարի Ետիկարեան, Եւրասիա աւագ դպրոց, 11-րդ դասարան) եւ 1 պրոնզ (Լիլի Տաղլարեան, Երեւանի թիւ 130 հիմնական դպրոց, 4-րդ դասարան) մետալներու։