Վոն Տեր Լեյեն. «ԵՄ-ի Մէջ Կազի Գինը 140%-ով Աճած Է»

հեղինակ՝
6 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Եւրոմիութեան երկիրներուն մէջ կազի գինի աճը տարեսկիզբէն ի վեր կազմած է 140%, սակայն Եւրոպական յանձնաժողովը մտադիր է մինչեւ 2027 թուականի վերջը լիովին հրաժարիլ Ռուսաստանէն կազի գնումներէն, ինչպէս նաեւ կը փափաքի միաւորել ու իր վերահսկողութեան տակ առնել ԵՄ կազի ներմուծման գործընթացը։

Սթրասպուրկի մէջ Եւրոխորհրդարանի նիստին ընթացքին այս մասին յայտնած է Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա վոն տեր Լեյեն։ 

«Փետրուարէն ԵՄ-ի մէջ կազի գինը աճած է 140%-ով»,- ընդգծած է ան։

Վոն տեր Լեյեն նշած է, որ ԵՄ-ն 2026 թուականի սկիզբէն կազի ներմուծման համար վճարած է 100 միլիառ եւրոյով աւելի, քան 2025 թուականին, աւելի չներմուծելով քան նախապէս։

Ան կոչ ըրած է աւելցնելու ներդրումները կանաչ եւ հիւլէական ուժանիւթի արտադրութեան բնագաւառին մէջ եւ կրճատելու Ռուսաստանէն կազի գնումները։ Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի ծաւալումէն առաջ Ռուսաստանէն կազի ներկրման ծաւալը 45% էր, իսկ այժմ ան կրճատուած է մինչեւ 12%։

«ԵՄ-ն զայն զերոյի պիտի հասցնէ մինչեւ յաջորդ տարուան վերջը»,- խոստացած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը։

Վոն տեր Լեյեն նաեւ հանդէս եկած է ԵՄ երկիրներու կողմէ կազի գնումներու բոլոր գործառնութիւնները Եւրոպական յանձնաժողովին կամ Յանձնաժողովի վերահսկողութեան ներքոյ գործող եւրոպական միասնական գործավարին փոխանցելու օգտին։

«Մենք պէտք է միաւորենք կազի պահանջարկը եւ լիազօրենք մէկ շուկայական գործավար՝ զբաղուելու բոլոր ընդհանուր գնումներով»,- ըսած է վոն տեր Լեյեն:

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss