Փաշինեան. ԵՄ-ին Անդամակցութեան Գործընթացին Վերաբերող Օրէնքին Չեղարկումը Հնարաւոր Չեմ Նկատեր

հեղինակ՝
26 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Կառավարութեան Նոյեմբեր 26-ի ճեպազրոյցի ժամանակ լրագրողը վարչապետէն հետաքրքրուեցաւ՝ եթէ յառաջիկային՝ Մոսկուա այցերու ժամանակ, հարց դրուի, որ պէտք է ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացը մեկնարկելու մասին օրէնքը չեղարկուի, ի՞նչ որոշում պիտի կայացնէ հայկական կողմը, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց.

«Ո՛չ, ես հնարաւոր չեմ համարեր այդ օրէնքի չեղարկումը քանի մը պատճառով: Պատճառներէն առաջինը այն է, որ օրէնքը ընդունուած է քաղաքացիական նախաձեռնութեամբ, այսինքն՝ այնպէս չէ, որ Կառավարութեան կամ նեղ քաղաքական շրջանակի կայացուցած որոշում է։

Երկրորդը՝ տեղի ունեցած են ընտրութիւններ, ուր ՀՀ քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը քուէարկած է այդ օրէնքին օգտին, դեռ չեմ ըսեր, որ տեղի ունեցած են եւ տեղի կ՚ունենան գործընթացներ, որոնք պէտք է երթան, զարգանան, այսինքն՝ ես հնարաւոր չեմ համարեր օրէնքի չեղարկումը»։

Այս ծիրին մէջ, Փաշինեան, անդրադառնալով Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն, նաեւ յայտնեց. «Մենք ՌԴ-ին վնասելու ցանկութիւն, մտադրութիւն, նպատակ ո՛չ ունեցած ենք, ո՛չ ունինք, ո՛չ ալ պիտի ունենանք եւ նոյնն ալ կ՚ակնկալենք Ռուսաստանէն։

Կը յարգենք, բնականաբար, ՌԴ ինքնիշխանութիւնը, ՌԴ շահերը, բայց մենք մեր ինքնիշխանութիւնն ու մեր շահերն ալ կը յարգենք, բնականաբար, ամենայն յարգանքով, աւելի շատ, քան ՌԴ շահերը, եւ մենք հոս պէտք է գտնենք լուծումներ։ Իմ կարծիքով՝ լուծումները հնարաւոր են։ Ուրախ եմ արձանագրել, որ ձեր նշած լարումները ոչ թէ կ՚աճին, այլ կը նուազին։ Մենք ՌԴ-ի հետ վիճելու մտադրութիւն չունինք, մենք պարբերաբար երկխօսութիւն կը վարենք»։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss