TRIPP նախագիծի զարգացումներուն զուգահեռ կը սպասուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանի, ապա նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղային հաղորդակցութեան բացում, այսօր Երեւանի մէջ յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Առաջին անգամ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն գործարար համաժողովին մասնակցող Փաշինեան այս յայտարարութիւնը ըրած է հայ-ամերիկեան TRIPP նախագիծի մասին խօսելու ատեն։ Այդ ճամբան Հայաստանի հարաւով անխոչընդոտ կապ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։
«Հայաստանը եւ մեր տարածաշրջանը կը գտնուին վերափոխման փուլի մէջ, որ կապուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան եւ ասկէ բխող զարգացումներուն հետ։ Մենք հիմա ամէնօրեայ կարգով կ՚աշխատինք TRIPP նախագիծի իրագործման մեկնարկը գետնի վրայ տալու ուղղութեամբ, որ միանշանակ եւ աներկբայ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ տարածաշրջանի ամբողջ տնտեսական միջավայրը փոխելու անկիւնաքար պիտի ըլլայ։ Արդէն իսկ այդպիսին է, որովհետեւ այսօր իսկ մենք կը զգանք Հայաստանի շուրջ ներդրումային գրաւչութեան որոշակի աշխուժութիւն»,- ըսած է վարչապետը։
Հայաստանցի պաշտօնեաներուն խօսքով՝ Սիւնիքի մէջ TRIPP-ի շինարարութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի մեկնարկէ յաջորդ տարեսկիզբին։ Այսօր վարչապետը իր ելոյթին մէջ չէ յստակացուցած, թէ երբ կը սպասուի 30 տարիէ աւելի փակ հայ-թրքական սահմանի եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ երկաթուղային հաղորդակցութեան բացումը։
TRIPP-ին Զուգահեռ Կը Սպասուի Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի, Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա Երկաթուղային Կապի Բացում. Փաշինեան