«Amazon»-ը Պատրաստ Է Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու, Եթէ Ապահովուի Շուրջօրեայ Կայուն Ելեկտրմատակարարում

հեղինակ՝
7 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

««Amazon»-ը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, եթէ ապահովուի ընկերութեան համար անհրաժեշտ շուրջօրեայ կայուն ելեկտրամատակարարումը»։

«Ինֆոքոմ»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ յղում ընելով բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարէն ստացած նամակին։

«Amazon-ը պատրաստ է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու, բայց իրեն 1000 մեկաուաթանոց կայան պէտք է։ Կ՚ըսէ՝ եթէ դուք ըսէք, որ 1000 մեկաուաթանոց կայան պիտի ըլլայ, ես Հայաստանի մէջ համապատասխան չափի ներդրումներ պիտի կատարեմ»,- ըսած է վարչապետը։

Ան չէ յստակացուցած հաւանական ներդրումներու չափը, նախագիծի բնոյթը կամ իրականացման ժամկէտները։

Փաշինեան մանրամասնած է, որ ընկերութեան շուրջօրեայ կայուն ելեկտրամատակարարում անհրաժեշտ է։ Այդ առումով ան խօսած է աթոմակայանի, ուժանիւթի կուտակիչներու եւ հողմային կայաններու անհրաժեշտութեան մասին։

Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ արդէն հաստատուած նախագիծերու եռանդային պահանջարկը կը գերազանցէ երկրին առկայ կարողութիւնները։ Ան նոր ներդրումային ծրագրերով բացատրած է աւելի մեծ հզօրութեամբ աթոմակայան կառուցելու նկատմամբ կառավարութեան աճող հետաքրքրութիւնը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss