Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ 2024 թուականին աշխարհի մէջ 5-19 տարեկան աւելի քան 170 միլիոն երեխայ եւ դեռահաս ճարպակալում ունեցած է։ Անոնցմէ մօտ 70 միլիոնը 5-9 տարեկան երեխաներ են, իսկ 100 միլիոնը՝ 10-19 տարեկան դեռահասներ։ ԱՀԿ-ի տուեալներով՝ այս տարիքային խումբին մէջ ճարպակալման տարածուածութիւնը 1990 թուականէն քառապատկուած է։
7 Հոկտեմբերին ԱՀԿ հրապարակած է երեխաներու եւ դեռահասներու ճարպակալման բուժման վերաբերեալ առաջին առանձին ուղեցոյցները։ Կազմակերպութիւնը կը շեշտէ առողջ սննդակարգի, ֆիզիքական աշխուժութեան եւ վարքագծային միջամտութիւններու կարեւորութիւնը։
ԱՀԿ նաեւ կը նշէ, որ միայն բուժումը բաւարար չէ ճարպակալման տարածման աճը կանգնեցնելու համար։ Կազմակերպութիւնը երկիրներուն կոչ կ՚ընէ առողջ սնունդը եւ ֆիզիքական աշխուժութիւնը աւելի հասանելի եւ մատչելի դարձնելու։