Հայաստան Ընդունած է Կազայէն երեք պաղեստինցի մանուկներ՝ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու

հեղինակ՝
21 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Հայաստան ընդունած է Կազայէն երեք պաղեստինցի մանուկներ եւ անոնց ուղեկիցները՝ խիստ անհրաժեշտ մասնագիտացուած բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) հայաստանեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ այս առաքելութիւնը կը վերահաստատէ Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ կարիքի պահուն խոցելի մարդոց անյետաձգելի օգնութիւն տրամադրելու հարցով։

«Անոնց ժամանումը ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան, Արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համատեղ ջանքերուն արդիւնքն է՝ գործընկեր երկիրներու աջակցութեամբ։ Մանուկներէն երկուքը, որոնք ունին սրտի բնածին արատներ, յաջողութեամբ վիրահատուած են սրտաբանական դարմանատան մէջ։ Երրորդ մանուկը, որ նախապէս լեարդի եւ երիկամի փոխպատուաստում ստացած էր, մասնագիտացուած յետփոխպատուաստումային խնամք կը ստանայ բժշկական կեդրոնի մէջ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ԱՀԿ հայաստանեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ բոլոր մանուկներու դուրսգրումէն ետք Հայաստան կը նախատեսէ վերանայիլ առաքելութեան արդիւնքները եւ դիտարկել նախաձեռնութեան շարունակականութեան հնարաւորութիւնը՝ կարիքի մէջ գտնուող աւելի շատ մանուկներու բժշկական օգնութիւն տրամադրելու համար։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss