Իրանի Մէջ Գոհ Են TRIPP-ի Գործընթացի Թափանցիկութենէն Եւ Տնտեսական Հնարաւորութիւններէն

հեղինակ՝
7 Հոկտեմբերի 2026
7 ր. ընթերցում

ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեանի գնահատումով՝ Իրանի մէջ գոհ են TRIPP-ի շուրջ Հայաստանի ցուցաբերած թափանցիկութենէն, հարցերը քննարկելու պատրաստակամութենէն եւ ծրագրի տնտեսական հնարաւորութիւններէն։ Միրզոյեան այս մասին յայտnեց Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ՝ պատասխանելով պատգամաւոր Արուսեակ Մանաւազեանի հարցումին՝ Իրան կատարած այցի եւ TRIPP-ի վերաբերեալ իրանական կողմի ընկալումներու մասին։

«Իրանի մէջ գոհ են TRIPP-ի շուրջ ամբողջ գործընթացին՝ մեր կողմէ ցուցաբերուող կատարեալ թափանցիկութենէն, բոլոր հարցերը քննարկելու պատրաստակամութենէն, ինչպէս նաեւ տնտեսական հնարաւորութիւններէն, որ այդ նոյն ենթակառուցուածքներու գործարկումը պիտի ընձեռէ Իրանին»,– ըսաւ Միրզոյեան։

Նախարարը շեշտեց, որ այդ գնահատականը հիմնուած է այցի ընթացքին իր ստացած տպաւորութիւններուն եւ լսածին վրայ։ Անոր խօսքով՝ որոշ լրատուամիջոցներու եւ ընդդիմադիր շրջանակներու ներկայացուցած՝ TRIPP-ի շուրջ իրարանցումը չի համապատասխաներ իրականութեան։

Միրզոյեան նշեց, որ իրանեան գործընկերներու հետ ծրագրին շուրջ քննարկումներու ընթացքին բարձրացուած են հարցումներ, տրուած են պատասխաններ, իսկ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը կը շարունակուի։

Անդրադառնալով այցի ընդհանուր օրակարգին՝ նախարարը տեղեկացուց, որ Իրանի ղեկավարութեան եւ գործընկերներու հետ քննարկած է երկկողմ յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակը՝ քաղաքական երկխօսութենէն եւ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթէն մինչեւ տնտեսական ու ենթակառուցուածքային հարցեր։ Քննարկուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումները։

Բեռնափոխադրումներու եւ օդային փոխադրումներու վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով՝ Միրզոյեան ընդգծեց Իրանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ հաշուի առնելով միջազգային պատժամիջոցներով պայմանաւորուած սահմանափակումները։

«Մենք շատ բարձր կը գնահատենք եւ կարեւոր կը համարենք Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները, եւ մենք զանոնք վտանգի տակ պիտի չդնենք»,– նշեց նախարարը։

Ան նաեւ յայտնեց, որ իրանեան կողմի մաքսային գօտիին մէջ բեռնափոխադրումներու հետ կապուած խցանումներու եւ կուտակումներու հարցը սերտօրէն կը քննարկուի համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ։ Միրզոյեանի խօսքով՝ կան տեխնիկական լուծումներ, որոնց իրականացումը յառաջիկայ օրերուն կ՚ակնկալէ տեսնել։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss