Հայաստանի Մէջ Յայտնաբերուած Ատրպէյճանցի Զինուորը Արտայանձնելու Պահանջ Ատրպէյճանը Չէ Ներկայացուցած

հեղինակ՝
8 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրին մէջ յայտնաբերուած եւ կալանաւորուած ատրպէյճանցի զինուորը արտայանձնելու պահանջ Ատրպէյճանը չէ ներկայացուցած։ Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Արտայանձնման պահանջ Ատրպէյճանէն չկայ։ Ատրպէյճանը նոյնպէս քրէական գործ յարուցած է, յայտարարութիւն տարածած է։ Ատրպէյճանը կրնայ ուզել իրենց քրէական գործով ալ հետաքննութիւն ընել։ Այդ զինուորը, եթէ երթայ Ատրպէյճան, պիտի չերթայ իրենց տուն, այդ զինուորը պիտի դատեն Ատրպէյճանի մէջ, եթէ ան յայտնուի հոն»,- ըսաւ Փաշինեան։

Վարչապետը կրկին նկատեց՝ ատրպէյճանցի զինուորը Հայաստանի տարածքին կատարած է յանցագործութիւն։

«Քանի մը յանցագործութիւն ըրած է, բայց գագաթնակէտը մեր քաղաքացիին վրայ կրակելն է։ Չեմ ըսեր՝ թող երթայ, դատավճիռ կայանայ, երեք ատեաններով անցնի, գայ, պիտի բանամ դատավճիռը, տեսնեմ՝ յանցանք ըրա՞ծ է, թէ՞ ոչ։ Կ՚ըսեմ՝ յանցանք ըրած է»,- նշեց վարչապետը։

Յիշեցնենք, որ Քրէական վարոյթի ծիրին մէջ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Նասիմի Ռահիմ Օղլի Մուսայեւ կալանաւորուած է 2 ամիս ժամկէտով։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss