Ի պատասխան մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերուն՝ Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնած է, որ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանը ունի ՀՀ քաղաքացիութիւն։
«Ան ունի ՀՀ անձնագիր եւ զինուորական գրքոյկ, որ ստացած է ծառայելով Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերուն մէջ։ Մելիքեանը 30 խաղ խաղացած է Հայաստանի ազգային հաւաքականին մէջ», կ’ըսուի ՀՖՖ-ի հաղորդագրութեան մէջ: