Թուրքմենիստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հանդիպումը։
Զրուցակիցները կարեւորած են երկկողմ բարձր մակարդակի յաճախակի շփումները եւ գոհունակութեամբ նշած, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ ընդլայնման։
Վարչապետը ընդգծած է, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան յագեցած օրակարգ եւ իրանական ընկերութիւնները ներգրաւուած են Հայաստանի մէջ իրականացուող ռազմավարական նախագիծերուն մէջ։
Կողմերը համոզում յայտնած են, որ յառաջիկային Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները պիտի բարձրանան նոր մակարդակի։ Շեշտուած է նաեւ յառաջիկային նախատեսուող բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու կարեւորութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքեան միտքեր փոխանակած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։