Հայկական ապրանքներու նկատմամբ առեւտրային ինքնավար միջոցներու կիրարկման մասին ԵՄ կանոնակարգը հրապարակուած է 9 Հոկտեմբերին ԵՄ պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ եւ ուժի մէջ պիտի մտնէ 10 Հոկտեմբերին։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարի մամլոյ խօսնակ Անի Բադալեանը։
Յիշեցնենք, որ ԵՄ այս կանոնակարգով պիտի ազատականացուին դէպի ԵՄ տարածք Հայաստանի արտահանումներու շուրջ 80%-ը՝ կասեցնելով ներմուծման մաքսատուրքերը ապրանքներու լայն շրջանակի, այդ կարգին՝ որոշ գիւղատնտեսական ապրանքներու նկատմամբ։ Ուժի մէջ մտնելէն ետք արտօնեալ վարչակարգը գործելու է 2 տարի ժամկէտով։
Յիշեալ կանոնակարգի ընդունումով Հայաստանը կը դառնայ միակ երկիրը, որ չունենալով ԵՄ թեկնածուի կարգավիճակ կամ ԵՄ-ի հետ կնքուած «Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի» համաձայնագիր, կը ստանայ նման տնտեսական արտօնութիւն։