Եւրոմիութիւնը Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Երեւանի Կայուն Զարգացման. ԵՄ Ուղերձ

հեղինակ՝
10 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը շնորհաւորած է Երեւանի 2808-ամեակը՝ ընդգծելով մայրաքաղաքի զարգացման ուղղուած ԵՄ-Հայաստան համագործակցութիւնը։

«Քաղաք, ուր միահիւսուած են պատմութիւնն ու մշակոյթը, իսկ նոր գաղափարներն ու հնարաւորութիւնները ճամբայ կը բանան դէպի նոր հորիզոններ»,- ըսուած է ԵՄ պատուիրակութեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Դեսպանութիւնը նշած է, որ ԵՄ-Հայաստան համագործակցութեան ծիրին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերուած է Երեւանի ջրամատակարարման բարելաւման, կլիմայի եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ նախաձեռնութիւններու իրականացման, հանրային շէնքերու արդիականացման ու ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան բարձրացման։

Աջակցութիւն ցուցաբերուած է նաեւ մայրաքաղաքային փոխադրութեան արդիականացման ու օդի որակի բարելաւման՝ «Մաքուր օդ՝ յանուն առողջութեան եւ կանաչ աճի Հայաստանի մէջ» (EU4Clean Air) ծրագրի ծիրին մէջ։ Անոր միջոցով աջակցութիւն տրամադրուած է օդի որակի հսկողութեան կայաններու ստեղծման ու համապատասխան քաղաքականութեան մշակման։

ԵՄ պատուիրակութիւնը յայտնած է, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ՝ նպաստելու Երեւանի կայուն զարգացման, բնակիչներուն համար նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման ու Եւրոպայի հետ կապերու ամրապնդման։

«Շնորհաւոր ծնունդդ, 2808-ամեայ Երեւան»,- ըսուած է ուղերձին մէջ։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss