Թրամփ. Ժամանակն Է Ուքրանիան Նոր Նախագահ Ունենայ

հեղինակ՝
11 Հոկտեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնած է, որ ժամանակն է Ուքրանիոյ նոր նախագահ ընտրելու։ Այսպէս ըսած է ան՝ պատասխանելով Սպիտակ տան մօտ լրագրողներու այն հարցումին, թէ ինչ պիտի ըսէ Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութեան եւ այն մարդոց մասին, որոնք ամէն օր կը տառապին հրթիռային հարուածներէն ու սովէն։ 

Թրամփ ըսած է․«Կ՚առաջարկեմ անոնց գտնել նոր առաջնորդ, որ պիտի կրնայ գործարք կնքել, քանի որ Զելենսքին կրնար բազմաթիւ գործարքներ կնքել, բայց ինչ-ինչ պատճառներով երբեք զայն չըրաւ։ Եթէ ես նախագահ ըլլայի, այս պատերազմը երբեք պիտի չըլլար։ Դուք արդէն պիտի չկորսնցնէիք ձեր երկրին 30%-ը։ Դուք կորսնցուցած էք ձեր երկրին 30%-ը, եւ երկու կողմէն ալ զոհուած է աւելի քան 1 միլիոն մարդ, զոհուած է աւելի քան 2 միլիոն մարդ։ Ասիկա պատերազմ մըն է, որ երբեք պէտք չէր սկսէր։ Ես կը կարծեմ, որ Ուքրանիոյ ժամանակն է նոր նախագահ ունենալու»։

Անկէ առաջ Թրամփ պահանջած էր Զելենսքիէն դադրեցնել հարուածները ռուսական նաւթամթերքի վերամշակման գործարաններուն։

«Զելենսքին կրնար կարգաւորել այս պատերազմը շատ անգամներ, բայց որոշեց զայն չընել։ Մենք ըսինք՝ ըրէք Ռուսաստանի հետ այն ամէնը, ինչ կը փափաքիք, միայն մի՛ խփէք նաւթամթերքի վերամշակման գործարաններուն, քանի որ ատիկա համաշխարհային խնդիր է։ Իսկ ան կը փափաքի խնդիրներ ստեղծել աշխարհին համար, քանի որ Ռուսաստանը ամբողջ աշխարհին կը մատակարարէ տիզելային վառելանիւթի զգալի մասը։ Եւ ի՞նչ կ՚ընէ ան։ Ան կ՚երթայ եւ կը հարուածէ տիզելային վառելանիւթին»։

Նախօրէին Վոլոտիմիր Զելենսքի քննադատած էր Ռուսաստանի հետ ռուսական տիզելային վառելանիւթի մատակարարման շուրջ Թրամփի ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնը։ Զելենսքիի խօսքով՝ Քիեւ պատրաստ է դադրեցնելու հարուածները ռուսական նաւթավերամշակման գործարաններուն, եթէ Ռուսաստանը դադրի աւերելէ ուքրանական ուժանիւթը։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss