Բրիտանացի տղամարդը քալելով շուրջերկրեայ ճամբորդութեան մեկնած է եւ տուն վերադարձած է 28 տարի ետք։
Այժմ 57-ամեայ Քարլ Պուշպի իր արշաւը սկսած էր 1998 թուականի 1 Նոյեմբերին՝ 28 տարեկան հասակին։ Իր ճամբորդութիւնը ան սկսած է Չիլիէն։ Տարիներու ընթացքին ան անցած է 50.000 քմ, ոտքով հատած է 29 երկիր եւ վերադարձած է Միացեալ Թագաւորութիւն։
Ան ճամբորդութեան համար երկու խիստ կանոն սահմանած էր՝ չգործածել փոխադրամիջոցներ եւ չդիմել կարճ ճամբաներու, այլ անցնիլ նախատեսուած ամբողջ երթուղին։
Հինգշաբթի օր Պուշպի յայտնած է, որ հատած է Լա Մանշը եւ ուղղութիւն առած է դէպի իր հարազատ Հալ քաղաքը։
«Այսքան տարիներ ետք հիանալի է ոտքերու տակ զգալ հայրենի հողը։ Հեշտ չէր, բայց ասիկա կ՚ընեմ ապացուցելու, որ կրնամ ընել աւելին, քան կը կարծեմ»,- ըսած է ան։
Պուշպի իր ճամբորդութեան նախավերջին հատուածը անցած է լողալով. ան 20 ժամուան ընթացքին հատած է Լա Մանշը եւ 5 Հոկտեմբերին՝ ժամը 15:30-ին, ոտք դրած է Միացեալ Թագաւորութիւն։