Ռուսաստանը մերժած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսկիի առաջարկած՝ 60-օրեայ զինադադարի գաղափարը, որ պիտի արտօնէր երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպել։ Նիւթին վերաբերեալ խօսած է Ռուսաստանի նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով՝ շեշտելով, որ Ռուսաստանը ժամանակաւոր զինադադարի փոխարէն կը փափաքի երկարաժամկէտ խաղաղութեան համաձայնագիր։
«Քրեմլինի մէջ թէ՛ նախագահ Փութին, թէ՛ տարբեր մակարդակներու պաշտօնեաներ բազմիցս յայտարարած են, որ մենք զինադադար չենք փափաքիր։ Մենք կը փափաքինք երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ պատրաստ ենք ընել հնարաւոր ամէն ինչ անոր հասնելու համար», — նշած է Փեսքով։
Նիւթին անդրադարձած է նաեւ ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ ըսելով, որ Զելենսքի արժանի չէ ռազմական գործողութիւններու դադարի:
«Չեմ կարծեր, որ ան արժանի է դադարի։ Չեմ կարծեր, որ մենք դարձեալ պիտի հաւատանք վստահեցումներուն ու խոստումներուն։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս մասին շատ յստակ արտայայտուած է։ Մենք կը շարունակենք հասնիլ յատուկ ռազմական գործողութեան նպատակներուն», — նշած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը։
Ռուսաստան երկար ժամանակէ կը պնդէ, որ Ուքրանիան պէտք է ընտրութիւններ կազմակերպէ, եւ կը յայտարարէ, որ անոնց չկազմակերպման պատճառով Զելենսքի օրինական առաջնորդ չէ։
Իսկ Ուքրանիոյ օրէնսդրութիւնը կ՚արգիլէ ընտրութիւններ կազմակերպել ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ։