Փեսքով Նշած Է՝ Ինչ Պիտի Քննարկեն Փութինն ու Փաշինեանը

հեղինակ՝
27 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկեն անվտանգային հարցերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմական խարիսխի հետագայ տեղակայման հարցը։

Այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

Քրեմլինի ներկայացուցիչին խօսքով՝ չնայած առկայ դժուարութիւններուն՝ Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները կ՚ընդգրկեն համագործակցութեան լայն շրջանակ։ Բանակցութիւններու օրակարգին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի հետագայ համարկման ուղեգիծը եւ եւրոպական ու եւրասիական ուղղութիւններու միջեւ ընտրութեան հարցը։

Նիկոլ Փաշինեան 3 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի Վլատիմիր Փութինի հետ։ 

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss