Կիպրացի Նախարար Աթենա Միխայիլիտու Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

հեղինակ՝
7 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Կիպրոսի կրթութեան, երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարար Աթենա Միխայիլիտուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Կիպրոսի մէջ ՀՀ դեսպան Իննա Թորգոմեանի եւ ՀՀ-ի մէջ Կիպրոսի դեսպան Միքայէլ Մավրոսի ուղեկցութեամբ:

Հիւրերը դիմաւորած է ՀՑԹՀ թանգարանային աշխատանքներու փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանը։ Ան ներկայացուցած է Յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններն ու նշանակութիւնը։

Աթենա Միխայիլիտու ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Կիպրոսէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ ՀՑԹՀ զբօսավար Մէրի Եղիկեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։

Շրջայցի աւարտին պատուիրակութեան ղեկավարը գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։ Աւարտին, Լուսինէ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ Աթենա Միխայիլիտուին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss