Երեւանի Մէջ Երկու Փողոց Վերանուանուեցաւ

հեղինակ՝
13 Հոկտեմբերի 2026
1 ր. ընթերցում

Երեւանի աւագանիի նիստին երկու փողոցի անուանափոխութեան վերաբերեալ որոշումներ ընդունուեցան։

Շէնգաւիթ վարչական շրջանի Ֆրունզէի փողոցը վերանուանուեցաւ Երուանդունիներու, Նոր Արէշի 3-րդ փողոցն ալ՝ բանաստեղծուհի, հասարակական գործիչ Մետաքսէի անունով։

Համապատասխան որոշումներու նախագիծերուն մէջ ընդգծուած է, որ անուանափոխութիւնը միտուած է հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութիւնը տրամաբանօրէն արտացոլելուն։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss