Պատժամիջոցներուն եւ տնտեսական ճնշումին հակազդելը ներկայիս Իրանի համար աւելի կարեւոր խնդիր է, քան զինեալ դիմակայութիւնը։ Այս մասին յայտնած է Իրանի Մեճլիսի (խորհրդարանի) նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ։
«Այսօր տնտեսական պատերազմը աւելի կարեւոր է ռազմական դիմակայութենէն կամ համացանցային պատերազմէն»,- նշած է Ղալիպաֆ:
Անոր համոզումով՝ տնտեսական ճնշումը «Իրանի դէմ պատերազմի հիմնական առանցքն է, եւ երկրի իշխանութիւններուն գլխաւոր խնդիրը ճիշդ որոշումներու ընդունումն է եւ կայուն պետական կառավարումը»։
Ինչպէս նշած է Իրանի խորհրդարանի խօսնակը, Իրան «հանգամանօրէն կը գնահատէ անցեալ իրադարձութիւնները. թէ՛ կառավարութիւնը, թէ՛ խորհրդարանը կը փորձեն կառավարել իրավիճակը»։
«Ներկայիս կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը բոլոր որոշումներն ընդունելու ատեն իրանցիներուն եւ զինեալ ուժերու բարեկեցութիւնն է»,- աւելցուցած է Ղալիպաֆ։
Անոր խօսքով՝ «պետութիւնը պէտք է ապահովէ, որ բնակչութեան կեանքի բնականոն պայմանները ըլլան վերջին ոլորտը, որ պիտի տուժէ պատերազմի եւ պատժամիջոցներու ճնշումներէն, որոնք սահմանուած են Իրանի դէմ»։