Թրամփ Անվտանգութեան Ընդլայնուած Երաշխիքներ Առաջարկած Է Ուքրանիոյ՝ Տարածքային Զիջումներու Դիմաց․ The Telegraph

հեղինակ՝
14 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

ԱՄՆ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի ներկայացուցիչները Ուքրանիային առաջարկած են պատերազմի աւարտէն ետք անվտանգութեան ընդլայնուած երաշխիքներ՝ Ռուսաստանի կողմէ նոր ներխուժումը կանխելու նպատակով։ Անոր դիմաց Քիեւին առաջարկուած է Ռուսաստանի վերահսկողութեան տակ ձգել գրաւեալ տարածքները, կը հաղորդէ «The Telegraph»-ը։

Պարբերականին տուեալներով՝ անցեալ Ուրբաթ Միամիի մէջ Ուքրանիոյ եւ եւրոպական երկիրներու պատուիրակութիւններուն հետ վեցժամեայ հանդիպման ընթացքին ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ճարըտ Քուշնըր հասկցուցած են, որ Թրամփ պատրաստ է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան աւելի լուրջ միջոցներ առաջարկելու։

Անվտանգութեան «ուժեղացուած» երաշխիքներու մանրամասնութիւնները յստակ չեն եղած, սակայն անոնք ենթադրաբար աւելին էին, քան Թրամփի նախկին առաջարկները՝ ամերիկեան օդանաւերով Ուքրանիոյ օդային տարածքը հսկելու եւ հետախուզական արբանեակային տուեալներ տրամադրելու վերաբերեալ։

Ըստ «The Telegraph»-ի՝ Ուաշինկթըն կը յուսար այս ճամբով փոխզիջում գտնել տարածքային հարցին մէջ, որ ընդունելի պիտի ըլլար ինչպէս Քիեւի, այնպէս ալ եւրոպական երկիրներուն համար։

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss