Netflix-ը կը նախատեսէ կրճատել շուրջ 1,000 աշխատատեղ՝ իր աշխատակիցներուն մօտ 6%-ը։ Ընկերութեան համաղեկավարներ Կրեկ Փիթըրսն ու Թետ Սարանթոս յայտնած են, որ կրճատումները կապուած են կազմակերպչական փոփոխութիւններու հետ։
Սա առաւելապէս պիտի ազդէ արտադրանքի մշակման, արհեստագիտութիւններու, իրաւաբանական եւ մարդկային պաշարներու ստորաբաժանումներուն վրայ։ Ընկերութեան ղեկավարները նշած են, որ առեւտուրը կը շարունակէ մնալ ուժեղ, սակայն անհրաժեշտ է արդիւնաւէտօրէն բաշխել աշխատակիցներն ու պաշարները՝ ապագայ աճի եւ ծառայութիւններու բարելաւման համար։
Կրճատումները տեղի կ՚ունենան սթրիմինկային ծառայութիւններու շուկային մէջ մրցակցութեան սրումի պայմաններուն մէջ։ Չնայած Netflix-ի շահոյթը 2026 թուականի երկրորդ եռամսեակին հասած է 3,4 միլիառ տոլարի՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճելով 9%-ով, ընկերութեան երրորդ եռամսեակի կանխատեսումները չեն արդարացուցած Ուոլ Սթրիթի սպասումները։ 2025 թուականի վերջին Netflix-ը ամբողջ աշխարհին մէջ ունէր շուրջ 16.000 մշտական աշխատակից։ Նոր կրճատումները ընկերութեան վերջին տարիներու ամենամեծն են։